ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Յաջորդ տարուան ընտրութեան ընդառաջ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտէն ներս կարեւոր խմորումներ եւ հեռանկարներ:
Սամուէլ Կարապետեանի նախաձեռնած «Մեր ձեւով» շարժումը տակաւ ծաւալուելով հասարակութեան կը ներկայացնէ իր տեսլականն ու ծրագրերը:
Յաջորդ տարուան ընտրութեան ընդառաջ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտէն ներս կարեւոր խմորումներ եւ հեռանկարներ:
Սամուէլ Կարապետեանի նախաձեռնած «Մեր ձեւով» շարժումը տակաւ ծաւալուելով հասարակութեան կը ներկայացնէ իր տեսլականն ու ծրագրերը:
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իշաք Տար ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Երկու նախարարներն ալ ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներով հանդէս եկան իրենց զրոյցին կապակցութեամբ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տեսակէտէ վերջին օրերուն ուրախառիթ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, մեր սիւնակագիրներէն Հրայր Տաղլեան, որ թերթիս ընթերցողներու մեծ համակրագանքը կը վայելէ, նշանուեցաւ Սիրան Արապանեանի հետ։
Անգարա կը շարունակէ դրական պատգամներով հանդէս գալ՝ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններուն շուրջ։
Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի ՇՀԿ գագաթաժողովին եւ շուրջ ամիս մը վերջ պիտի այցելէ Ռուսաստան:
Հայաստան յաջորդ ամիս քննարկումներու պիտի սկսի Ատրպէյճանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան՝ Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանիի հրաւէրին ընդառաջ։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի անունը կը դասուի Գերմանիոյ ապագայ հաւանական նախագահներու շարքին։ Երկրի այժմու նախագահին՝ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի պաշտօնավարութեան ժամկէտը պիտի լրանայ 19 մարտ 2027 թուականին։
Երեւանի կեդրոնէն այս շրջանին ուշագրաւ դրուագներ կը հասնին, մասնաւորապէս Հիւսիսային պողոտային վրայ բոլորի հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ շէնքերու նկարազարդումը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ երեկոյեան Հանրային հեռուստատեսութեան տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին նշեց, թէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը այլեւս իրողութիւն է։
Թուրքիոյ կողմէ լուրջ նախաձեռնութիւն՝ Միջերկրականի արեւելքին ազդեցութեան ամրապնդման համար:
Լիպիոյ մէջ Թուրքիա համաձայնութեան կը հասնի Հաֆթերի հետ, ինչ որ մտահոգութիւն կըը պատճառէ Յունաստանին: