ՆԱԹՕ-Ի ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՒԱՔԸ
ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ անպաշտօն ժողով մը գումարեցին Անթալիայի մէջ։ Դաշինքի անդամ երեսունմէկ երկիրներու նախարարներուն հաւաքը զուգադիպեցաւ՝ Իսթանպուլի այսօրուան Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններու նախօրեակին։