Լրահոս

«ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ»Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ թէեւ իշխանութիւնները մեծ ջանքեր կը գործադրեն բնականոն վիճակի տպաւորութիւն ստեղծելու համար, սակայն ընդդիմութիւնը կը շարունակէ հետապնդել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը ապահովելու նպատակը՝ յետպատերազմեան ծանր եւ անանտեսելի հետեւանքներու լոյսին տակ։

ՊՈՂԱԶԻՉԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԶՈՒԳՈՐԴՈՒԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐՈՎ

Պողազիչի համալսարանի վերաբերեալ որոշ իրադարձութիւններ այս շրջանին առարկայ կը դառնան հանրային կարծիքի ուշադրութեան։ Նոր վերատեսուչի նշանակումով պայմանաւորուած անհանգստութիւններէ սկսալ, մինչեւ սրբութիւններու դէմ անարգանքի խնդիրներ՝ շարք մը գործօններ պատճառ դարձած են որոշ լարուածութեան։

ԱՌԱՋԻՆ ՇՓՈՒՄԸ

Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւններուն միջեւ երէկ բարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր առաջին անգամ բարձր մակարդակի վրայ կապ մը հաստատուեցաւ Թուրքիոյ հետ։

«ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՇՆԱԿԻՑ»

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ այցելեց Պերլին, ուր հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան նախարար Անեկրետ Քրամփ Քարենպաուէրի կողմէ։ Միօրեայ այցելութեան ընթացքին երկու նախարարները վարեցին բանակցութիւններ, որոնց աւարտին սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

ՈՉ ԵՒՍ Է ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Հայկական ֆութպոլի աշխարհը երէկ ցաւալի կորուստ մը ունեցաւ։ Այսպէս, մահացաւ առասպելական ֆութպոլէօռ Յովհաննէս Աբրահամեան։ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Յովհաննէս Աբրահամեանի հոգեհանգիստը այսօր երեկոյեան ժամերուն տեղի կ՚ունենայ Երեւանի Կոնդ թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ

CHANEL-Ի ԳԱՐՈՒՆ-ԱՄԱՌ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ

Ընտանեկան ջերմութեամբ ոգեշնչուած ազատ, ամառնային կերպարներ, շերտաւոր կիսաշրջազգեստներ, նուրբ երանգներ. Chanel-ը ներկայացուցած է գարուն-ամառ նոր հաւաքածոն։ Այսպէս, աշխարհահռչակ ֆրանսական Chanel նորաձեւութեան տունը ներկայացուցած է 2021 թուականի գարուն-ամառ հաւաքածոն, որու ցուցադրութիւնը կայացած է Փարիզի «Կրան փալէ» ամրոցին մէջ:

ՍՊԻՏԱԿ ՔՕՂԻՆ ՏԱԿ

Երեւանէն հասած դրուագները կը ցոլացնեն խստաշունչ եղանակը։ Յաղթանակի զբօսայգիի բարձունքէն «Մայր Հայաստան»ը կը շարունակէ վերահսկել կեանքը։ Յամենայնդէպս, երկիրը այնպիսի վիճակի մը մատնուած է, որ մարդու աչքին չի զարներ ձիւնածածկ արձանին խորհուրդը։

Էջեր