ԷՐՏՈՂԱՆ ԴՌՆՓԱԿ ԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՕՎԵՐՉՈՒՔԻ ՀԵՏ
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք աշխատանքային այցելութիւն մը տուած է Անգարա։ Երէկ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի կայքէջին վրայ արձագանգ գտաւ, որ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարը Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ալ հիւրընկալուած է Պեշթեփէի համալիրէն ներս։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Սոֆիա պաշտօնական այցելութեան ծիրէ ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պուլկարիոյ Արտաքին գործոց նախարար Թէոտորա Կենչովսքայի հետ։ Առաջին փուլին երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Նոպէլեան մրցանակի առաջին հայազգի դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան, երէկ Երեւանի մէջ արժանացաւ շարք մը կոչումներու։ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի գիտական խորհուրդի հանդիսաւոր նիստի ընթացքին իրեն պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ։
Վերսայի Վերաքննիչ ատեանի որոշումը՝ ի նպաստ «Հայկական քոլէճի ընկերակցութեան»:
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու Եւրոպայի մասնաճիւղերու ղեկավարութիւնները երկօրեայ ծաւալուն խորհրդակցութիւն մը ունեցան:
Պէյրութէն կը հաղորդուի, որ «Փթիթ» մանկապատանեկան կայքէջը վերջերս ենթարկուած է բարեփոխման եւ այդ հիման վրայ հասած է նոր ծաղկումի մը։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի խրախուսանքով կեանքի կոչուած է այս ծրագիրը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Տոհա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Թանիի հետ։ Զրոյցի ընթացքին կողմերը ընդգծեցին երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան մեծ ներուժը, յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ ամրապնդման պատրաստակամութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Սոֆիա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ հիւրընկալւեցաւ Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւի կողմէ։
Նոպէլեան մրցանակի առաջին հայ դափնեկիրը այս օրերուն Հայաստան կ՚այցելէ:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի այս շրջանի համատեղ ջանքերը ուղղուած են ռազմավարական համագործակցութեան նոր հեռանկարային ոլորտներու բացայայտման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի օրուան առթիւ Երեւանի մէջ այդ երկրի դեսպանութենէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցեցաւ Մհեր Գրիգորեան, որ հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը։