Լրահոս

ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՍԿԻԶԲ ՏՈՒԱՒ «ԶԱՐՑԱՆՑ 2.0» ԾՐԱԳՐԻՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շարունակէ իրերայաջորդ ծրագիրներ մշակել արեւմտահայերէնի ապագային համար։ Հիմնարկի աղբիւրները վերջին օրերուն հաղորդեցին «Զարցանց 2.0» կոչուած նախագծի մը սկիզբին մասին։ Սա հետամուտ է արեւմտահայերէնի կախարդական ուժը ի յայտ բերելու առցանց։

ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿՈՎ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹԸ

Ըստ աւանդութեան, ամէն տարի յունուարի երրորդ շաբթուան ընթացքին տեղի կ՚ունենայ «Եկեղեցիներու միութեան համար աղօթքի շաբաթը», որու շրջանակներէն ներս քոյր եկեղեցիներ կը համախմբուին եւ շաբթուան մը տեւողութեամբ՝ նախապէս ճշդուած բնաբանի մը շուրջ կը խոկան, միասին կ՚աղօթեն եւ կ՚ունկնդրեն քարոզխօսութիւններուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ԳԵՂԵՑԻԿ ՀԱՄԵՐԳԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐՈՎ ԿԸ ՆՇԷ ՍԻՐՈՅ ՏՕՆԸ

Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը փետրուարի 13-14 թուականներուն «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ հանդէս կու գայ «Սէր» համերգային ծրագրով՝ շնորհաւորելով բոլոր սիրահարներու տօնը:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ ՍՆԱՆԿԱՑՄԱՆ ՍԵՄԻՆ

Ֆրանսայի թանգարաններու ղեկավարները ահազանգ կը հնչեցնեն։ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի աշխարհահռչակ Լուվր թանգարանն ու Վերսայի պալատը քորոնաժահրի համավարակի սահմանափակումներու պատճառով կրնան սնանկանալ։

ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

ԵՄ ու Ռուսաստանը համաձայն գտնուեցան միայն իրենց առկայ անհամաձայնութիւններուն շուրջ:
Ժոզէֆ Պորել եւ Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ երէկ բանակցութիւններ վարեցին, հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով:

ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի հետ։ Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցը տեւեց աւելի քան ժամ մը։

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լաւրովի եւ Պորելի Մոսկուայի այս օրուան հանդիպման օրակարգին վրայ է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:
«Եթէ ԵՄ կը փափաքի համաշխարհային դերակատար դառնալ, ապա պէտք է երկխօսութիւն վարէ Ռուսաստանի հետ»:

ԱՂՏԱՄԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ԿԵԴՐՈՆԷՆ ԱՐՑԱԽԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ԴԻՏԱՐԿՈՒԻ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑԱՒ

Աղտամի մէջ տեղակայուած Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ զինուորական կեդրոնը արդէն սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի ընթացքը դիտարկել։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, զինուորականները այնտեղ անօդաչու թռչող սարքերով կը վերահսկեն Արցախի իրավիճակը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յոյս յայտնեց, թէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութիւնը մօտաւոր ապագային կ՚այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ։ Ան շաբաթական հերթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու մշակութային կոթողներու եւ եկեղեցիներու պահպանման հարցին եւ այս կապակցութեամբ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մասնագէտներու խումբի այցելութեան։

Էջեր