ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջերս այցելեց Յորդանան։ Ամմանի «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին արծարծեց սփիւռքահայ իրականութիւններու, հայապահպանման եւ ազգային ամբողջական մշակոյթի մը կերտման գործընթացին վերաբերեալ նիւթեր։
ERVAB երէկ երեկոյեան կարեւոր ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ՝ գլխաւորութեամբ Պետրոս Շիրինօղլուի:
Համայնքային վարիչները մտադիր են առանց դատական դիմումներու հետեւիլ նոր կանոնադրութեան, սակայն որոշ բարելաւումներ ապահովելու նպատակով պիտի նախընտրեն պատկան մարմիններու հետ դրական երկխօսութեան ճանապարհը՝ ակնկալութիւններու վերաբերեալ յստակ հիմնաւորումներով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Սելմանը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս նախագահը պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց բարձրաստիճան հիւրը։
Դերասան ու բեմադրիչ Պօղոս Չալկըճըօղլուի համար կազմակերպուեցաւ տարեդարձի անակնկալ երեկոյթ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մինսքի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու հաւաքին։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ այս կազմակերպութիւնը կ՚անցնի համարկման ներուժի բացայայտման փուլ՝ ի շահ ընդհանուր տնտեսական տարածքի ստեղծման եւ կայուն տնտեսական աճի։
Հայաստանի ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ երէկ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, երկրի խորհրդարանական ընդդիմութեան յառաջատար դէմքերէն Արթուր Վանեցեան հրաժարեցաւ երեսփոխանի պաշտօնէն։
Սեն Փեթերսպուրկի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան՝ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղեալ աշխատանքային խումբի հանդիպումը։
Սէուտական Արաբիոյ Մուհամմէտ պին Սելման արքայազնը այս օրերուն կ՚իրականացնէ շրջագայութիւն մը, որու ծիրէն ներս կ՚այցելէ նաեւ Թուրքիա։ Երեք տարի վերջ առաջին անգամ Ծոցէ դուրս ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ Մուհամմէտ պին Սելման, որու ծրագրի առաջին փուլը հանդիսացաւ Գահիրէն, ուր ան մէկտեղուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի հետ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ