Լրահոս

ԵՄ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ։

PFIZER-Ի ՊԱՏՈՒԱՍՏԱՆԻՒԹԵՐ

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ֆաիզեր» դեղագործական ընկերութեան միջեւ կնքուած պայմանագրի հիման վրայ՝ «Քովիտ-19»ի դէմ mRNA հիմքով Pfizer պատուաստանիւթի 100 հազար 620 դեղաչափ խմբաքանակ ներածուեցաւ Հայաստան։

ՊԱՀԵՐԷ ԱՆԴԻՆ…

Ամէն ինչ բաժիններէ եւ ենթաբաժիններէ բաղկացած է։ Ամէն ամբողջ, որքան ալ մեծ ըլլայ, ունի մասեր։ Մարդկային մարմինը բջիջներու ամբողջ մըն է։ Երկնաքերերը ունին յարկաբաժիններ, որոնք ալ, իրենց հերթին, սենեակներ։ Հասարակութիւնը անհատներու համախմբում մը չէ՞…

ԱՆՀԱՂՈՐԴՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

Ուքրայնայի տագնապը կը զուգորդուի Արեւմուտքի յառաջատար դերակատարներու եւ Ռուսաստանի միջեւ խտացեալ շփումներով։ Այս ամբողջին մէջ շաբաթավերջին միջազգային օրակարգի վրայ անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռախօսազրոյցը։

ԹՈՒՐՔԻԱ-ԱՄԷ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԱՅՑՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Ապու Տապի։ Այս այցելութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) միջեւ ստորագրուի 12 նոր համաձայնագիր, ինչ որ նոր թափ մը պիտի ապահովէ երկու երկիրներու համագործակցութեան։

Էջեր