ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐԸ ԵՐԷԿ ԿՐԱԿԵՑԻՆ ԵՐԱՍԽԻ ԵՒ ԿՈՒԹ ԳԻՒՂԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ օր չ՚անցնիր առանց բախումի եւ մտահոգիչ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճան երէկ հրադադարը երկու անգամ խախտած է սահմանի վրայ։