ՀՐԱԺԵՇՏ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ԲԱԶՄԱՄԵԱՅ ՍՊԱՍԱՒՈՐ ԿԱՐՕ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆԻՆ
Թրքահայ համայնքը անցեալ շաբթուան դադարի օրերուն ենթարկուեցաւ զգացական մեծ ցնցումի մը։ Այսպէս, քորոնաժահրի համաճարակի զոհ գնաց պոլսահայ մամլոյ վաստակաշատ սպասաւորներէն Կարօ Համամճեան, որ երկար տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէր մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի անձնակազմին։