ՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Ատրպէյճան երէկ գիշեր փորձեց անօդաչու թռչող սարքերով ներթափանցել Հայաստանի սահմաններէն:
Արմէն Գրիգորեան եւ Ֆիլիփ Ռիքեր խօսեցան Երեւան-Ուաշինկթըն ռազմավարական գործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ:
Ատրպէյճան երէկ գիշեր փորձեց անօդաչու թռչող սարքերով ներթափանցել Հայաստանի սահմաններէն:
Արմէն Գրիգորեան եւ Ֆիլիփ Ռիքեր խօսեցան Երեւան-Ուաշինկթըն ռազմավարական գործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գրող Արմէն Շէկոյեան։ Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ վերջ ան 68 տարեկան հասակին հիւանդանոցի մէջ հեռացած է կեանքէն։
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ, Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սապիհա Կաֆարովա եւ Փաքիստանի Ազգային ժողովի նախագահ Էսատ Քայսէր, որոնք վերջին օրերուն եռակողմանի ձեւաչափով մէկտեղուած էին Պաքուի մէջ, երէկ այցելեցին Շուշի։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներուն հետեւանքով սահմանի վրայ դիրքի փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած: Կողմերը հաւանութիւն տուին ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան միջնորդական առաջարկին՝ հրադադարի վերադառնալու ուղղութեամբ:
Նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ խորհրդակցեցաւ դէպքերուն շուրջ: Մոսկուա միշտ կը մատնանշէ իր պատրաստակամութիւնը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմանազատման բանակցութիւններու, նաեւ վստահութեան մթնոլորտի կառուցման նպաստելու համար: ՄԱԿ մտահոգութիւն յայտնեց:
Կը տեղեկանանք, որ վերապատուելի տքթ. Ռընէ Լեւոնեան նշանակուած է Լիոնի Կաթոլիկ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռընէ Լեւոնեան Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն մին է։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը հասած է գագաթնակէտին եւ դժբախտաբար հետզհետէ կ՚արդարանան ամենավատ ակնկալութիւնները։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ գիշեր եւ այս առաւօտեան ժամերուն մարտական գործողութիւններ ծաւալուած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։
Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Փաքիստան խորհրդարանի նախագահներու մակարդակին վրայ երէկ հռչակագիր մը ընդունեցին Պաքուի մէջ։ Այսպէս, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ երէկ Պաքուի մէջ մէկտեղուեցաւ Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սապիհա Կաֆարովայի եւ Փաքիստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ասատ Քաիսէրի հետ։
Հոգելոյս մաէսթրօ Յարութիւն Թոփիկեանի 70-ամեակին առթիւ յոբելենական յատկանշական ձեռնարկ:
Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը փայլուն երաժշտահանդէսով մը վերյիշեց իր երախտաշատ հիմնադիրը:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Մահուան դառն իրականութեան առջեւ յաճախ անխօսութեան կը մատնուինք։ Սակայն կու գայ պահ մը երբ լռակեաց վիճակը իր վախճանին կը հասնի ու կը վերածուինք խօսող, արտայայտուող անձերու։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ նշանակուած զօրավար Արշակ Կարապետեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուած են տարածքաշրջանային անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ նիւթեր։