ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ
Էսաեան վարժարանէն ներս վերջերս տեղի ունեցան միջնակարգի եւ լիսէի բաժիններու շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութիւնները։ Այսպէս, 8-րդ եւ 12-րդ դասարաններու ընթացաւարտները դպրոցի պարտէզէն ներս կազմակերպուած բացօթեայ արարողութիւններով ստացան իրենց վկայականները։