Լրահոս

ԻԲՐ ԹԷ ԴԱՇՆԱԿԻՑ

Սթանիսլաւ Զասսի յայտարարութիւնները եւ Արմէն Գրիգորեանի հեռաձայնի վրայ հակազդեցութիւնը:
ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած կացութիւնը կ՚որակէ միջադէպ:

ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, ի թիւս այլ հարցերու, երկու նախագահները շօշափեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման զանազան երեսակները։

«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»Ը՝ ԹՐՔԵՐԷՆՈՎ

«Արմէնփրէս»ի տնօրէն Արամ Անանեան տեղեկացուց, որ գործակալութիւնը շուտով պիտի ունենայ թրքերէն բաժին մը։ «Լրատուական դաշտէն ներս նաեւ թրքերէն պիտի խօսինք», ըսաւ Արամ Անանեան՝ յիշեցնելով, որ թրքերէնը պիտի դառնայ վեցերորդ լեզուն, որով թողարկումներ կ՚ընէ գործակալութիւնը։

ԳԻՏՆԱԼ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Մարդկային կեանքն ու ազատութիւնը ամենաթանկ, ամենակարեւոր բաներն են աշխարհի վրայ։ Անոնց համար կարելի է վճարել ամէն գին։ Այդ առումով մեր 15 գերիներու հայրենիք վերադարձը պէտք է անվերապահօրէն ողջունել եւ ուրախանալ այդ տղաներու ընտանիքներուն հետ միասին։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԵՒՍ ՏԱՍՆՀԻՆԳ ԳԵՐԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Շաբաթավերջին Ատրպէյճան Հայաստանին վերադարձուց եւս 15 ռազմագերի։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ ռազմագերիներու վերադարձի յապաղման հարցը կը շարունակէ նուրբ նշանակութիւն ունենալ։

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, Վեննայսի Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանն ու Հայրապետական սրբատառ կոնդակը յանձնուեցաւ Տերիք եւ Ատրինէ Ղուկասեաններուն։

«ԵՐԵՔ ՉԷԶՈՔ, ԵՐԿՈՒ ԹՇՆԱՄԻ»

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Ընտրութիւններու արդիւնքները ամփոփելու ժամանակ՝ պէտք է պատասխանել բազմաթիւ հարցումներու, որոնց շարքին, կը կարծեմ, առաջնայինը հետեւեալն է։ Ինչպէ՞ս ստացուեցաւ, որ իշխանական ընտրազանգուածի ներկայացուցիչները կ՚ըսեն՝ «աւելի լաւ է՝ Հայաստանը դառնայ Թուրքիոյ մաս, բայց Նիկոլը մնայ, թէ չէ կու գան նախկինները»։

ՕԼԻՎԵՐ ՎԱՐՀԷԻ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Եւրոյանձնաժողովի Հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվեր Վարհէի կը պատրաստուի տարածքաշրջանային ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այս ծիրէն ներս ան երկօրեայ այցելութիւն մըն ալ պիտի տայ Հայաստան։

Էջեր