Լրահոս

«ԿԱՐԾԵՄ՝ ՅԱՂԹԱԾ Է»

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան BBC-ի ռուսական ծառայութեան տուաւ հարցազրոյց մը, որու ժամանակ անդրադարձաւ շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան։ «Այո, ես կը կարծեմ, թէ ան յաղթած է», ըսաւ Սերժ Սարգսեան՝ ձեւով մը հաստատելով ընտրութիւններու արդիւնքով Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը։

ՏԵՒԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանը, որ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի ղեկավարն է։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ «Տաշիր»ի ներդրումային ծրագրերու ընթացքին։

ԴԷՊԻ ՌԱՎԵՆՆԱՅԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը յառաջիկայ ամսուայ սկիզբին Իտալիոյ մէջ պիտի մասնակցի Ռավեննայի յայտնի փառատօնին։ Քերուպինիի նուագախումբին հետ, ի թիւս այլ ստեղծագործութիւններու, Սենեկային երգչախումբը պիտի ներկայացնէ նաեւ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել Տիգրան Մանսուրեանի կողմէ՝ յատուկ այս փառատօնին համար կատարուած յօրինում մը։

ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շարունակէ սփիւռքահայ կրթօճախներու աջակցութեան ուղղեալ ծրագրերը՝ մասնաւորապէս Լիբանանի հայկական վարժարաններու ցանցին միջոցաւ։ Այսպէս, հիմնարկը ներկայիս նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ ու կը պատրաստուի կեանքի կոչել Լիբանանի մէջ ուսուցչական վերաորակաւորման նոր ծրագիր մը:

ԶԱՐԴԱՐՈՒՆ ԽՆՁՈՐՆԵՐ

Ճաբոնցիները արեւի լոյսի օգնութեամբ «կը գրեն» եւ «կը նկարեն» խնձորներու վրայ։ Այսպէս, Ճաբոնի մէջ իւրայատուկ փորձագիտութեան մը միջոցով գեղեցիկ զարդանախշերով պատուած խնձորներ կը ստացուին՝ առանց քիմիական յաւելանիւթերու կիրառման:

ԿԱՅՈՒՆԱՑՆԵԼ ՎԻՃԱԿԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի պարտութենէն վերջ պէտք է նաեւ աշխատիլ արտաքին կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Սպանական «El Pais» յայտնի թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Պէտք է կայունացնենք իրավիճակը եւ կեդրոնանանք բազմաթիւ խնդիրներու վրայ»։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼ

Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ Երեւանէն քաղաքական հետապնդման վերաբերեալ ահազանգներ կը հասնին։ Այսպէս, ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի երեսփոխանական թեկնածուներէն յայտնի բժիշկ Արմէն Չարչեան ձերբակալուած է եւ դատական իշխանութիւնները որոշած են, որ ան բանտարկուի։

ՏԵՒԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան երէկ յայտնեց, որ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածին վրայ սահմանապահներու տեղակայման համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կիւմրիի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ փոխ-վարչապետը յայտնեց, որ սա տեղի կրնայ ունենալ միայն այն պարագային, երբ Ատրպէյճանի զօրքերը ամբողջութեամբ լքեն Հայաստանի տարածքը։

Էջեր