23 ԱՊՐԻԼԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Մեծն Աթաթիւրքի անգին աւանդի արժեւորման հիմնական փուլերէն մին, որ կը համախմբէ ամբողջ երկիրը:
Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնի օրը կը բնորոշուի առկայ մարտահրաւէրներու դէմ անխախտ կամքով:
Մեծն Աթաթիւրքի անգին աւանդի արժեւորման հիմնական փուլերէն մին, որ կը համախմբէ ամբողջ երկիրը:
Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնի օրը կը բնորոշուի առկայ մարտահրաւէրներու դէմ անխախտ կամքով:
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին այս շաբաթավերջին հրաժեշտ պիտի տայ նորոգ վախճանեան Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ պիտի մասնակցի Քահանայապետի յուղարկաւորութեան, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, ապրիլի 26-ին։
Երեւանի ղեկավարութիւնը յաջորդ շաբթուան սկիզբին պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։ Ապրիլի 28-29-ին տեղի պիտի ունենան իր շփումները։
Կաթոլիկ եկեղեցին պաշտօնապէս սուգի մէջ. պատրաստութիւններ թէ՛ յուղարկաւորութեան եւ թէ 267-րդ հովուապետը ընտրելիք Քոնքլաւի գումարման համար:
Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետի մարմինը վաղը այցելութեան կը բացուի Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս՝ վերջին յարգանքի համար: Վատիկանի մէջ իշխանութիւնը արդէն անցած է կարտինալներու: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ցաւակից: Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւս վշտակցութիւն յայտնեց Սուրբ Աթոռին:
Ռուսաստան անմիջական կարեւորութիւն կ՚ընծայէ տարածաշրջանի իրադրութեան վերափոխման հեռանկարներուն նկատմամբ:
Մոսկուա Երեւանէն կը տեղեկանայ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերջին մանրամասնութիւններուն:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն շաբաթավերջին դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ թիրախաւորուած է Սիւնիքի մարզի Խոզնաւար բնակավայրը։
Քրիստոնեայ աշխարհը միասնաբար նշուած Ս. Յարութեան տօնէն օր մը վերջ, Մեռելոցի օրով, խոր սուգի մատնուեցաւ. ոչ եւս է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը։
Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն, որ ընդունուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ, որ տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Աւագ շաբաթն է նորէն…
Ծաղկազարդէն մէկ օր առաջ միայն կը սկսի զատկական արձակուրդնիս եւ մայր ու աղջիկ՝ երկուքս ուսուցչուհի, կ՚ուզենք մասնակցիլ եկեղեցական բոլոր արարողութիւններուն, որոնք Երուսաղէմի մէջ բացառիկ են, նաեւ պատրաստուիլ Զատիկին, որովհետեւ Խթման գիշերը մի՛շտ մեր տունը կը հաւաքուինք։
«Ներկայիս երկրէն ներս կ՚ընթանայ ընկերահոգեբանական մը, որ 2018 թուականին կատարուածին չափ կարեւոր է, եթէ ոչ աւելի»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստանի անկախ պետութեան յարատեւման համար աննախընթաց բախտ կը տեսնէ. հիմնաւորումը՝ Ատրպէյճանի հետ բովանդակութիւնը համաձայնեցուած խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը: