ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այս առաւօտ ողջունեց Լեհաստանի պաշտօնակիցը:
Վահագն Խաչատուրեան եւ Անտրէյ Տուտա կը քննարկեն Երեւան-Վարշաւիա համագործակցութեան հեռանկարները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այս առաւօտ ողջունեց Լեհաստանի պաշտօնակիցը:
Վահագն Խաչատուրեան եւ Անտրէյ Տուտա կը քննարկեն Երեւան-Վարշաւիա համագործակցութեան հեռանկարները:
«Մինչ աշխարհ հետզհետէ անկանխատեսելի կը դառնայ, Թուրքիա անգին նպաստներ կ՚ապահովէ ՆԱԹՕ-ին»:
Անգարա դաշինքի հետ գործակցութեան գծով միշտ օրակարգի վրայ կը պահէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Թրամփ, որ յառաջիկայ տարեմուտին պաշտօնի պիտի կոչուի, ընտրուելէ կարճ ժամանակ վերջ հեռաձայնով զրուցած էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
TUMO, ARMATH, COAF, FAST... տասնամեակ մըն է, որ Հայաստանի կրթական մարզին մէջ ի յայտ եկած են նոր անուններ, որոնք կը յատկանշեն առաջատար արհեստագիտութեան վերաբերեալ ծրագրեր՝ ուղղուած դպրոցական տարիքի մանուկներու։ Առաջին երկուքը՝ TUMO-ն եւ ARMATH-ը ծանօթ են՝ որպէս միջազգային ճանաչում ու համբաւ վաստակած արտադպրոցական նախաձեռնութիւններ, որոնք կը կիրարկուին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Նախագահ Էրտողան այս առթիւ ընդգծեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ ջանք գործադրել՝ տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան վերջ տալու առաջադրութեամբ։
Պատմաբան Իլպէր Օրթայլը «Հիւրրիյէթ»ի մէջ յօդուած մը գրի առաւ փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլուի դէմ:
Նոպելեան մրցանակի դափնեկիրը կը թիրախաւորուի՝ Աթաթիւրքի շրջանին վերաբերեալ խորհրդածութիւններուն համար:
Հայ երաժշտութեան անմոռանալի եւ անկրկնելի հանճարներէն Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական փառաշուք երեկոյթը բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցաւ թէ՛ կատարումներու մակարդակով ու որակով եւ թէ երաժշտասէրներուն պարգեւած բարձր տրամադրութեամբ:
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ հայաստանի հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը կը շարունակէ մշակութային նախաձեռնութիւններով ի յայտ բերել նոր տեսլական մը, որով հասարակաց արժէքներու հիման վրայ կը բիւրեղանան բարի ցանկութիւնները ։
Նաիրի Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան շրջանի առաջին ձեռնարկը բնորոշուեցաւ արտակարգ ոգեւորութեամբ, որոտընդոստ ծափահարութիւններով եւ մեծ համախմբումի մը մթնոլորտով։
Պատուոյ հիւրերու շարքին էին՝ Արտաքին գործոց նախարարութենէն Այշէ Ուզէր, ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքու եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։
CRR-ի բեմին վրայ ջութակահարուհի Անուշ Նիկողոսեան, դաշնակահարուհի Սօնա Բարսեղեան եւ թաւջութակահար Միքայէլ Նաւասարդեան հմայեցին երաժշտասէրները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու պարագային հաւանական կը դառնայ փոխադարձաբար միջազգային հայցերու չներկայացումը։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք, որ նախընթաց օր Երեւանի մէջ շփումներ ունեցած էր, Պաքու անցնելով տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան ծով կարիքներու դիմագրաւման հարցը միշտ այժմէական:
«Հայրենիքի հետ, հայրենիքի համար» կարգախօսը դարձեալ ի զօրու՝ առկայ թէժ օրակարգի առաջնահերթութիւններու լոյսին տակ: