ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ
Կիպրական հիմնախնդրին շուրջ ընդլայնուած կազմով անպաշտօն, ծաւալուն քննարկումներ Նիւ Եորքի մէջ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կ՚անդրադառնայ կողմերու միջեւ քայլ առ քայլ յառաջընթացի արձանագրման: Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Թուրքիա կը ձգտի յարաբերութիւնները հարթել Եւրոմիութեան հետ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի հետ։ Թուրքիա անվերապահօրէն դիրք կը գրաւէ Սուրիոյ կողքին, որ կ՚ենթարկուի Իսրայէլի յարձակումներուն։
Երէկ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի հետ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ լաւատեսութիւն յայտնեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ապագային համար:
Թուրքիա-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ) բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդի երէկուան հանդիպումը առիթ դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի հրատապ իրադարձութիւններու քննարկման։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն հնչած վերջնագրերու մթնոլորտին մէջ, Ռուսաստան թափ տուաւ Ուքրայնայի դէմ յարձակումներուն։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ տարակարծութիւնները կը շարունակուին հակամարտութեան դադրեցման ուղղութեամբ՝ մինչ Քիեւի ղեկավարութիւնը կը ջանայ զօրակցութիւն ապահովել այս մթնոլորտին մէջ։
Իսթանպուլի 14-րդ պատժական ատեանը երէկ արձակած վճիռով 20 ամիս ազատազրկման դատապարտեց Էքրէմ Իմամօղլուն։ Միեւնոյն ժամանակ, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի քաղաքական գործունէութեան դէմ արգելք ալ սահմանուեցաւ դատարանին կողմէ։
Մերձաւոր Արեւելքի լարուած իրադրութիւնը կը մնայ առկայ։ Տարածաշրջանէն միշտ արիւնալի դրուագներ կը ցոլանան, ինչ որ միշտ պատճառ կը դառնայ խոր մտահոգութեան։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Նիւ Եորք, ուր Կիպրոսի հիմնախնդրին շուրջ նախատեսուած է ընդլայնուած ձեւաչափով անպաշտօն ժողով մը։
Հայաստանի իրաւապահ մարմինները նոր մեղադրանքներ հասցէագրեցին յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, որ ներկայիս կալանաւորուած է։