Լրահոս

ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ՉԷ ՎԵՐԱՀՍԿԵԼԻ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՄԲ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որով շեշտեց, որ Ատրպէյճան բռնութիւնը կը շարունակէ Արցախի դէմ, կ՚ոչնչացնէ խաղաղ բնակչութիւնը եւ կը կիրառէ արգիլուած զէնքեր։

ԻՐԱՆ ՉԻ ՀԱՆԴՈՒՐԺԵՐ

Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքչի յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ Թեհրանի նախաձեռնութեան նպատակն է հակամարտութիւնը կարգաւորել տարածքաշրջանային համագործակցութեան միջոցաւ։ Ան շաբաթավերջին աւարտեց իր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Պաքու, Մոսկուա, Երեւան եւ Անգարա։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ. ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՆԱԿԸ ՖՈՍՖՈՐԱՅԻՆ ՌՈՒՄԲԵՐ Կ՚ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի։ Ամէն օր քիչ մը աւելի մտահոգիչ լուրեր կը հասնին հակամարտութեան գօտիէն։ Երէկ, հայկական կողմը ահազանգ հնչեցուց, որ Ատրպէյճան սկսած է օգտագործել զանազան զէնքեր, որոնք կը պարունակեն ֆոսֆոր։

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ՓՈՒԹԻՆԻՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿՆԵՐՈՒ ՍԱՀՄԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ մանրամասն ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը եւ յառաջացած մարտահրաւէրները։

ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան որոշած են կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ Արցախի լայնածաւալ պատերազմի առկայ մթնոլորտին մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներ՝ Արքատի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի ջանքերով հասունացուած ծրագիր մըն է այս մէկը։

ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ դարձեալ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Վասիլի Նեպենզիա յայտնեց, որ եթէ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը սրուի, ապա նոր քննարկում մը տեղի կրնայ ունենալ։

ՄԻՇՏ ՎԱՌՕԴԻ ՀՈՏ

Արցախի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի խոր մտահոգութեան պատճառ դառնալով եւ մարդասիրական սոսկալի աղէտի մը ծանր ու ցնցիչ դրսեւորումներով:
Հրադադարի իրերայաջորդ ձախողումներէն վերջ, ռազմական գործողութիւններու կասեցման պարագան հարցականներու փակուղիին մատնուած: Միջազգային դերակատարներու կոչերը ապարդիւն:

Էջեր