Լրահոս

ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԻՋԵՒ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ խորհրդարանէ ներս զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ ԵՒ ՇՈՒՇԻՆ ԱՄԲՈՂՋ ԳԻՇԵՐ ԽՏԱՑԵԱԼ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ ՄՆԱՑԻՆ. ԿԱՆ ԶՈՀԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ դաշտի վրայ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ ու մարդասիրական տեսանկիւնէ չափազանց ծանր։ Հայկական աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ ամբողջ գիշերուան ընթացքին սաստիկ ռմբակոծման ենթարկուած են Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտն ու Շուշին։

ԿԵԱՆՔԸ ՔԱՐՈՒՔԱՆԴ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս մարդկային ողբերգութիւնը ամէն օր կ՚ունենայ անհաւատալիօրէն ծանր ցնցիչ դրսեւորումներ:
Արցախի ռազմաճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ բժիշկ մը՝ Սաշա Ռուստամեան, որ առաջնագիծ կը փութար վիրաւորեալ զինուորի մը օգնութեան հասնելու:

ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ

Մոսկուա ներկայիս կ՚ընէ իրմէ կախեալ ամէն ինչ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով:
«Հակամարտ կողմերը կրնան իրենց նպատակներուն հասնիլ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ։ Մենք կապի մէջ ենք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ։ Կը յուսանք, որ կը յաջողինք արդիւնքի մը հասնիլ՝ տարածքաշրջանի բոլոր բնակիչները բաւարարելիք հիմքով»:

«ԱՐՑԱԽ ՈՐԵՒԷ ԱՊԱԳԱՅ ՉՈՒՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ»

Հայկական դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ մասնակցեցաւ Եւրոխորհուրդի նախարարներու կոմիտէի 130-րդ նստաշրջանին։

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄՕՐ ԵՒ ՄԱՆԿԱՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒԵՑԱՒ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը թեւակոխած է արդէն հինգերորդ շաբաթը։ Միջազգային բեմահարթակի վրայ զանազան վերլուծաբաններ կը խորհրդածեն, թէ Ատրպէյճան լուրջ յաջողութիւններու չէ հասած։

ՀԻՒՍԻՍԷՆ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ

Լաւրով «Քոմերսանտ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ կրկնեց, որ հակամարտութեան գօտիէն ներս վարձկաններու գոյութիւնը անհանգստութիւն կը պատճառէ Մոսկուային:
«Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութեան ակնառու օրինակներ են Սուրիան եւ Լիպիան, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի պարագային իրավիճակը սկզբունքօրէն կը տարբերի»:

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ԲԱՑԻ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆԷՆ, ՄՆԱՑԵԱԼ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐԸ ԿԸ ՏԱՆԻՆ ԴԷՊԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՓԱԿՈՒՂԻ»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային բացի բանակցայինէն միւս ճանապարհները կը տանին դէպի պատմական փակուղի։ Ռուսական հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ հայերը յամենայնդէպս լաւատես ու ճիշդ մտածող ժողովուրդ են։

ԱՄՆ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԻՇԱՅԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ, որոնց վերջնական արդիւնքը տակաւին յայտնի չէ։ Այժմու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ առաջադրուած էր հանրապետականներուն կողմէ եւ նախկին փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն, որ առաջադրուած էր դեմոկրատականներու կողմէ ՝ երէկ ներկայացան Միացեալ Նահանգներու ընտրողներուն։

ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՃԵԼԻ ԺԱՄԱՆՑ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ հայկական կողմը միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ մանուկներն ու պատանիները։ Պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով՝ մասնաւորապէս խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորման բերումով, Արցախէն բազում ընտանիքներ ժամանակաւորապէս տեղափոխուած են Հայաստան։

Էջեր