ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ. «ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ ՉԵՆ ՀԱՄԸՆԿՆԻՐ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՇՈՒՐՋ»
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ չեն համընկնիր Մոսկուայի եւ Անգարայի դիրքորոշումները։ «Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումները միշտ չէ, որ կը համընկնին՝ յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ, սակայն եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւնները 30 տարուայ ընթացքին արդիւնք չէ տուած, ապա սա չի նշանակեր, որ պէտք է սկսիլ կրակել։