Լրահոս

ՆՈՐ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղէ ներս կրակի դադրեցման ուղղեալ համաձայնութեան ստորագրումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Անգարա եւ Մոսկուա կը շարունակեն անմիջական կապ պահել:
Ատրպէյճանի տարածքէն ներս հրադադարի վերահսկողութեան համար ռուս-թրքական կեդրոն մը պիտի ստեղծուի:

ՖՐԱՆՍԱ ՏԵՂԵԿԱՑՈՒՑ, ՈՐ ՀԱՐՑԻ ՏԵՒԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՇՏՊԱՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇԱՀԵՐԸ

Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի հաստատման համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյացած հրադադարի համաձայնութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Մոսկուայի աշխոյժ դերակատարութեամբ եւ Անգարայի ակնյայտ ազդեցութեամբ ստորագրուած այս փաստաթուղթը բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան արժանացած է։

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ որ երկրին տեսակէտէ ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ կը բովանդակէր կարեւոր զգուշացումներ։

ՀԲԸՄ-Ի ԿՈՉԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հայաշխարհէ ներս ստեղծուած ծանր կացութեան զուգահեռ երէկ հանդէս եկաւ զգաստութեան, արիութեան եւ միասնականութեան կոչով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Նիւ Եորքի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած այս կոչին բնագիրը։

ՈԳԵԿՈՉԵԼՈՎ ԱՌՆՕ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆԸ

Հայ մեծանուն երգահան եւ դաշնակահար, Խորհրդային Միութեան եւ Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Առնօ Բաբաջանեան 1983 թուականի նոյեմբերի 11-ին մահացաւ Մոսկուայի մէջ։
Պետական մրցանակներու դափնեկիր Առնօ Բաբաջանեան, որ ծնած է 1921 թուականի յունուարի 22-ին՝ Երեւանի մէջ, հայկական երաժշտարուեստի ամենաինքնատիպ դէմքերէն մին է, երգի նշանաւոր վարպետ:

ՍԵԼԻՆ ՏԻՈՆԻ ՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆԸ

Սելին Տիոն կը նկարահանուի վիպապաշտական ստեղծագործութեան մը մէջ։ Սելին Տիոն, Սեմ Հէօկըն եւ Փրիանքա Չոփրա Ճոնաս կը խաղան «Text for You» («Հաղորդագրութիւն քեզի համար») վիպապաշտական ժապաւէնի մը մէջ: Շարժանկարը իրականութեան մէջ «SMS Fur Dich» գերմանալեզու ժապաւէնի վերափոխուած ձեւն է, որու հիմքին կայ Սոֆի Քրամերի վէպը:

ՈԳԵԿՈՉԵԼՈՎ ԱԹԱԹԻՒՐՔԸ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 82-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ ան կը վերյիշուի մասնաւոր արարողութիւններով։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՋՐԲԱԺԱՆ

Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները երէկ գիշեր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տալու համար ստորագրեցին հրադադարի համաձայնագիր մը, որով բոլորովին նոր իրավիճակ մը կը ստեղծուի Հարաւային Կովկասէ ներս: 10 օդանաւով ռուս խաղաղապահներ կը հասնին տարածքաշրջան: Պաքուի մէջ տօնակատարութիւն: Երեւանի մէջ քաոս: Նիկոլ Փաշինեանին վիճակեցաւ հաւանութիւն տալ փաստաթուղթի մը, որով հայկական կողմը կը հրաժարի Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ բոլոր յաւակնութիւններէն:

ՇՈՒՇԻԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԼՈՒՐԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՍԱԾ ԵՆ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԻՆ. ԿԵՆԱՑ ՄԱՀՈՒ ԿՌԻՒՆԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ԿԸ ՎՃՌՈՒԻ ԱՐՑԱԽԻ ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը ընթացքի մէջ է շուրջ մէկուկէս ամիսէ ի վեր։ Այս ժամանակաշրջանին, հասկնալիօրէն, հակամարտ կողմերէն հանրութեան մատուցուած տուեալներու մէջ միշտ եղան հակասութիւններ կամ հակադիր, իրերամերժ հանգամանքներ։ Բայց եւ այնպէս, բոլորը համադրելով, վերջին հաշուով, կարելի էր տարրական պատկերացում մը կազմել, թէ ինչ տեղի կ՚ունենայ դաշտի վրայ։

Էջեր