ՄԷԿ ՕՐՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ 100 ՀԱԶԱՐԷ ԱՒԵԼԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի պայմաններուն ներքեւ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած քննութիւններուն թիւը առաջին անգամ գերազանցեց 100 հազարի շեմը։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։