ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԱՐՑԱԽԻ ՎԻՃԱԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԱՔՐՈՆԻ ՀԵՏ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ։ Էլիզէի պալատին մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։
Էրտողան ամոլը յուղարկաւորութեան ընթացքին սփոփեց լուսահոգի պատգամաւորի ընտանիքը:
Փոքր տարիքէն տնային գործեր կատարելը կարեւոր է ոչ միայն տունը կոկիկ պահելու, այլեւ երեխայի եւ դեռահասներու անձնական յատկանիշներու ձեւաւորման համար։ Այնուամենայնիւ, աշխարհի որոշ մասերու մէջ տնային գործերը տակաւին կը համարեն կնոջ պարտականութիւն, որու հետեւանքով որոշ տղամարդիկ չեն փափաքիր կամ նոյնիսկ չեն կրնար տարրական տնային գործեր կատարել, կը գրէ «Bored Panda» կայքէջը։
Պոթիչելլիի 550 տարեկան կտաւը կը հանուի աճուրդի։ Այսպէս, միջազգային խոշորագոյն Sotheby՚s աճուրդի տունը 80 միլիոն տոլարով աճուրդի կը հանէ Վերածնունդի վաղ շրջանի իտալացի գեղանկարիչ Սանտրօ Պոթիչելլիի կտաւը։
Գերմանիոյ մէջ 1500 տարի առաջ ապրած գերմանացի լորտի դամբարան մը յայտնաբերուած է։ Այսպէս, Գերմանիոյ Սաքսոնիա-Անհալթ մարզին մէջ 1500 տարի առաջ ապրած գերմանացի լորտի կամ իշխանի գերեզման յայտնաբերուած է, կը գրէ «Daily Mail» պարբերականը։
Քորոնաժահրի համավարակէ պաշտպանուելու համար ստեղծուած նոր սաղաւարտները իրարանցում յառաջացուցած է համացանցի մէջ։ Այսպէս, աշխարհի մէջ քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի շրջանակներէն ներս մարդիկ կը դիմեն աւանդական եւ նորարարական պաշտպանութեան ձեւերու՝ փորձելով ժահրի հետ ապրիլ կողք-կողքի, սակայն նաեւ անվտանգ միջավայր ստեղծել իրենց համար:
Քենիոյ մէջ Տիրիա անունով որբացած վագրաձին վերագտած է երջանկութիւնը իր խնամակալի շնորհիւ, որ ամէն օր կը կրէ սեւ ու սպիտակ գծաւոր վերնազգեստ՝ փոխարինելով անոր մայրը։
Նիւ Եորքի մէջ աճուրդով հոյամողէզի մը կմախքը կը վաճառուի։ Այսպէս, աշխարհահռչակ Christie՚s աճուրդի տունը հոյամողէզի մը կմախքը վաճառքի կը հանէ, կը գրէ «The New York Times»ը:
Անգլիոյ մէջ թողարկուած է Հերի Փոթըրի յայտնի գարեջուրը։ Այսպէս, «Warner Bros» ընկերութիւնը թողարկած է սերով գարեջուր, զոր շատ կը սիրէին խմել Հերրի Փոթըրի երեւակայական շարժանկարի շարքի հերոսները:
Պելժիացի կինը կենդանիներու պատկերներով ուտեստներ պատրաստելու շնորհիւ մեծ թիւով հետեւորդ ստացած է համացանցի մէջ։ Այսպէս, Պելժիոյ փոքր գիւղերէն մէկը բնակող Եոլանտա Սթոքերմանս ծաղիկներու եւ կենդանիներու ձեւերով ուտեստներ պատրաստելու տաղանդի շնորհիւ հետաքրքրութեան առարկայ դարձած է համացանցի մէջ, կը գրէ «boredpanda.com» կայքէջը։