«ԾԻՐԱՆԻ ԾԱՌ» ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Հայաստանի Ուճան գիւղին մէջ սկսաւ «Ծիրանի ծառ» վաւերագրական ժապաւէններու 6-րդ միջազգային փառատօնը։ Արագածոտնի մարզի Ուճան գիւղին մէջ սկսաւ արդէն աւանդական դարձած «Ծիրանի ծառ» վաւերագրական շարժանկարներու 6-րդ միջազգային փառատօնը։
Հայաստանի մէջ սեպտեմբերի 15-էն սկսեալ դպրոցականները կրկին կրնան այցելել մշակութային օճախներ։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նոր ուսումնական տարուայ մեկնարկէն՝ սեպտեմբերի 15-էն սկսեալ, կը շարունակուի դպրոցական բաժանորդային ծրագիրը:
Սէրը մեր ուժն է, յոյսը եւ ապագան. Էրիք Կարապետեան ներկայացուցած է «Սիրոյ փանտեմիա» ալպոմը։ Չնայած համավարակի տարածման, որ մեծ վնասներ հասցուց ինչպէս այլ ոլորտներու, այնպէս ալ մշակոյթին, բազմաթիւ ստեղծագործողներ չընդմիջեցին աշխատանքը եւ շարունակեցին գրել նոր գործեր, որոնք սիրով կը ներկայացնեն հանրութեան:
Սիրած զբաղմունքէ գործարարութիւն. Insider անդրադարձած է հայկական պանիրի արտադրութեան աւանդութիւններուն։ Ինչպէ՞ս կը պահպանուի Ճամբարակ գիւղին մէջ Հայաստանէ ներս պանիրի պատրաստման հինգ հազար տարուայ աւանդութիւնը. «Insider» անդրադարձած է Հայաստանի մէջ պանիրի պատրաստման աւանդութիւններուն՝ ներկայացնելով «մոթալ» պանիրը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուած աճուրդի մը ընթացքին Ապրահամ Լինքոլնի մազափունջը վաճառուած է 81 հազար տոլարով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահ Ապրահամ Լինքոլնի (1809-1865) մազափունջը 81 հազար տոլարով վաճառուած է աճուրդով: Այս մասին հաղորդած է Associated Press գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Պոսթոնի RR Auction աճուրդատան տուեալները:
Յունաստանի իշխանութիւնները կը ծրագրեն արգիլել միանգամեայ օգտագործման կերպընկալէ առարկաները։ Այսպէս, Յունաստանի կառավարութիւնը առաջարկած է աստիճանաբար հրաժարիլ միանգամեայ օգտագործման կերպընկալէ առարկաներէն:
Քորոնաժահրի համավարակ. այս բացատրութեամբ փոխուեցաւ ամբողջ աշխարհը… Մարդոց կենցաղն ու առօրեան, հաւանաբար, անվերադառնալիօրէն փոխուեցան։ Անշուշտ այս հոսանքին մէջ է նաեւ նորաձեւութեան աշխարհը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Փոմփէօ զրոյցի ընթացքին անդրադարձան արեւելեան Միջերկրականի եւ Կիպրոսի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ իր տարեկան արձակուրդին բերումով կը գտնուի արտասահման, երէկ, Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լորտ Արա Տարզիի հետ։ Հարկ է նշել, որ ներկայ ամսուայ սկիզբին Արա Տարզի ստանձնած է Բրիտանական Գիտութեան ընկերակցութեան նախագահի պաշտօնը։