ՈԳԵԿՈՉԵԼՈՎ ԱԹԱԹԻՒՐՔԸ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 82-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ ան կը վերյիշուի մասնաւոր արարողութիւններով։
Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները երէկ գիշեր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տալու համար ստորագրեցին հրադադարի համաձայնագիր մը, որով բոլորովին նոր իրավիճակ մը կը ստեղծուի Հարաւային Կովկասէ ներս: 10 օդանաւով ռուս խաղաղապահներ կը հասնին տարածքաշրջան: Պաքուի մէջ տօնակատարութիւն: Երեւանի մէջ քաոս: Նիկոլ Փաշինեանին վիճակեցաւ հաւանութիւն տալ փաստաթուղթի մը, որով հայկական կողմը կը հրաժարի Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ բոլոր յաւակնութիւններէն:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը ընթացքի մէջ է շուրջ մէկուկէս ամիսէ ի վեր։ Այս ժամանակաշրջանին, հասկնալիօրէն, հակամարտ կողմերէն հանրութեան մատուցուած տուեալներու մէջ միշտ եղան հակասութիւններ կամ հակադիր, իրերամերժ հանգամանքներ։ Բայց եւ այնպէս, բոլորը համադրելով, վերջին հաշուով, կարելի էր տարրական պատկերացում մը կազմել, թէ ինչ տեղի կ՚ունենայ դաշտի վրայ։
Շաբաթավերջին Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւնները քննարկման նիւթ դարձան Էրտողան-Փութին եւ Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյցներու ընթացքին:
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ զօրակցութիւնն ու անմիջական շփումները կը շարունակուին։ Այս մթնոլորտին մէջ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար շաբաթավերջին հերթական այցելութիւն մը տուին Պաքու, ուր հիւրընկալուեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
Լեռնային Ղարաբաղի թէժ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) համար նշանակուեցաւ նոր տնօրէն մը։ Այսպէս, նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով այդ պաշտօնին կոչուեցաւ Արմէն Աբազեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն վերջ ստեղծուած պղտորութիւնը շաբաթավերջին զգալիօրէն յաղթահարուեցաւ։ Քուէհամարը յառաջանալով այնպիսի պատկեր մը պարզեց, որ Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին ծերակուտական ու փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն ընտրուած է ԱՄՆ-ի նախագահ։
Փելէ նշեց իր 80-րդ տարեդարձը:
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի հերթական ողբերգական դրսեւորումը. Ստեփանակերտի ռմբակոծման հետեւանքով փուլ եկած բնակարաններէն մէկուն մէջ մահացան մեծ մայր մը եւ երկու թոռները: Երէկուայ օրն ալ եղաւ ծանր՝ մինչ սաստիկ բախումներ տեղի ունեցան Շուշիի մերձակայքին:
Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ յայտարարեց, որ Թուրքիա ամբողջ սրտով կ՚աջակցի Ատրպէյճանին, որ պայքար կը մղէ բռնագրաւիչ Հայաստանէն ետ վերցնելու համար իր տարածքները։ «Պիտի շարունակենք մեր ամբողջ պաշտպանական կարելիութիւնները բաժնել Ատրպէյճանի հետ՝ երբ որ ան կարիքը զգայ», ըսաւ Ֆուաթ Օքթայ։