ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ դարձեալ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Վասիլի Նեպենզիա յայտնեց, որ եթէ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը սրուի, ապա նոր քննարկում մը տեղի կրնայ ունենալ։
Եգէականի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սաստիկ երկրաշարժ մը, որու հետեւանքով մեծ ցնցում մը յառաջացաւ Իզմիրի մէջ։ Ռիխթերեան չափանիշով 6.9 սաստկութեամբ այս երկրաշարժը աւերներ գործեց նաեւ Յունաստանի մէջ։
Արցախի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի խոր մտահոգութեան պատճառ դառնալով եւ մարդասիրական սոսկալի աղէտի մը ծանր ու ցնցիչ դրսեւորումներով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հերթական հեռախօսազրոյց մը ունեցան՝ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Իլհամ Ալիեւ երէկուան զրոյցի ընթացքին շնորհաւորեց Հանրապետութեան տօնը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար պէտք է հաւասարակշռութիւն մը գտնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շահերուն միջեւ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Ռապըրթ Օպրայանի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ երէկ Ժընեւի մէջ նախատեսուած հանդիպումը վերջին պահուն ջնջուեցաւ։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ հրապարակեց տեսաուղերձ մը, որով կոչ ուղղեց միանալ Շուշիի պաշտպանութեան։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը արդէն Շուշիէն 5 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին եւ լրջագոյն ռազմական միջոցներ ներդրած են բերդաքաղաքը գրաւելու համար։
Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքչի՝ յատուկ բանագնացի կարգավիճակով կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը դէպի այն մայրաքաղաքները, որոնք ուղղակիօրէն շահագրգռուած են Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմով։ Արաքչի, որ նախ այցելեց Պաքու, աւելի վերջ անցաւ Մոսկուա, ուր ընդունուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ուտենքոյի կողմէ։
Թուրքիա այս առաւօտ խոր ցաւ ապրեցաւ՝ նախկին վարչապետներէն Մեսուտ Եըլմազի մահուան բերումով։ Ան 73 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց ծանր հիւանդութեան հետեւանքով։