ՖՈՒԱՏ ՕՔԹԱՅ ԵՒ ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթայ եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին Լիբանան այցելեցին՝ Պէյրութի նաւահանգիստէն ներս պատահած ահաւոր պայթումի մթնոլորտին մէջ։ Լիբանանի կտրուածքով ապրուած իրադարձութիւնները կը շարունակեն Անգարայի անմիջական ուշադրութեան առարկայ մնալ եւ այս իրավիճակին մէջ թրքական բարձրաստիճան պատուիրակութեան այցելութիւնը ունեցաւ կարեւոր նշանակութիւն։