«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՁԱԽ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ» ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ
Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, երէկ «Ատրպէյճանի ձախ երիտասարդութիւն» կոչուած խմբաւորում մը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որ բաւական ուշագրաւ էր իր բովանդակութեամբ։ Թուրքիոյ «Էվրէնսէլ» թերթի կայքէջին վրայ տեղ գտաւ այդ յայտարարութեան թրքերէն թարգմանութիւնը։
Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի եւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ: Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ՝ անվտանգութեան ոլորտի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Ժընեւի մէջ քննարկումներ ծաւալեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Անգարայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատի իրադարձութիւններուն եւ ընդհանրապէս հակամարտութեան ընթացքին։ Երէկ, պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր ըրին հերթական յայտարարութիւններ վերահաստատելով Թուրքիոյ դիրքորոշումը ի նպաստ Ատրպէյճանին։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով կը տուժէ խաղաղ բնակչութիւնը»:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս անհրաժեշտ է հրադադար։ «Մենք հանդէս կու գանք հնարաւորինս արագ կրակը դադրեցնելու ի նպաստ։
Արցախի ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով սաստիկ մարտերը կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ գիշեր բախումները շարունակուած են։ Այս օրուան սկիզբին ալ կացութեան մէջ փոփոխութիւն մը չէ եղած։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հեռաձայնով նոր խորհրդակցութիւն:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարները երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն կոչ ուղղեցին, որպէսզի ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցուին՝ առանց նախապայմաններու եւ հակամարտ կողմերը վերադառնան բանակցային սեղանի շուրջ։