Լրահոս

ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր տեսաժողով մը կ՚ունենայ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Հեռավար այս քննարկումը տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու գագաթաժողովին ընդառաջ։

ՏՕՆԱԿԱՆ ԹՌԻՉՔ

Հայաստանի անկախութեան 29-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ մեծ շուքով։ Հայկական զինեալ ուժերու ռազմաօդանաւերը քաղաքամայր Երեւանի երկնակամարին վրայ կատարեցին տօնական թռիչքներ։

1743 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ առողջապահութեան համակարգի աշխատողներու զոհողութիւններու տեւականացման նպատակով պէտք է թեթեւցնել անոնց բեռը։ Սա կարելի է միայն սահմանափակումներուն հնազանդելով։

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԸ ՎՐԱՅ ԿՐԱԿ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական հաստատութիւններու դէմ յարձակումները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթ առաւօտ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կրակ բացուած է «Գրուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» դպրոցին վրայ։

ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ երեկոյեան հաղորդեցին, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ դարձեալ պատահած են դէպքեր։ Այսպէս, Տաւուշի շրջանէն ներս Հայաստանի զինեալ ուժերը խախտած են հրադադարը ու պատճառ դարձած՝ Ատրպէյճանի բանակէն զինուորի մը մահուան։

«ՊԵԹԱ» ՄՐՐԻԿԸ Կ՚ԱՀԱԳՆԱՆԱՅ

«Պեթա» արեւադարձային մրրիկը մոլեգնած է Թեքսասի մէջ։ Այսպէս, «Պեթա» արեւադարձային մրրիկը, որ սեպտեմբերի 18-ին յառաջացած է Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ, սեպտեմբերի 21-ի երեկոյեան մոլեգնած է Թեքսասի նահանգի ծովափին:

1519 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ այսօր Թուրքիոյ դպրոցներէն ներս կը սկսի երես առ երես դասաւանդութիւնը։ Պատկան մարմինները նախազգուշական բոլոր միջոցները ձեռք առած են երաշխաւորելու համար թէ՛ աշակերտներու եւ թէ կրթական մշակներու առողջութիւնը։

Էջեր