ԶԳՈՒՇՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը կը շարունակուի բազմակողմանի ձեւով։ Սահմանափակումներու մեղմացման զուգահեռ հանրային կարծիքի աչքին առջեւ կը պարզուին այնպիսի դրուագներ, որոնք մասնագիտական շրջանակները խոր մտահոգութեան կ՚առաջնորդեն։ Այս իրավիճակին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ։ Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ իր անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը յայտնեց քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։ Այս առթիւ անոնք կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակի տարածման կանխարգիլման եւ անոր ընկերատնտեսական հետեւանքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ երկու երկիրներու կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։
Եւրոպական Միութեան եւ Անգլիոյ միջեւ տարակարծութիւններն ու դժուարութիւնները կը շարունակուին BREXIT-ի կապակցութեամբ։ Թէեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, սակայն կարելի չ՚ըլլար յառաջընթաց մը արձանագրել անոնց մէջ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Տորոթի Շինը, որուն կ՚ընկերանային դեսպանատունէն պաշտօնատարներ։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան վերաբերեալ հարցեր։
Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Նորին Ամենապատուութիւնը 18 մայիս 2020 թուականին հեռախօսային կապ հաստատելով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ տիար Սիմոն Չեքէմի եւ զոյգ տնօրէններ՝ տիկին Սաթենիկ Նշանի ու օրիորդ Առլին Եշիլթեփէի հետ Պատրիարքարան հրաւիրած էր զիրենք հանդիպման համար։
Հարապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լիպիոյ վարչապետ Ֆաիզ Էս-Սարրաճը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան երկար ընդհատումէ մը վերջ ընդունեց օտարերկրեայ ղեկավար մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ վերջին շրջաններուն կատարուած ռազմատենչ յայտարարութիւնները։