ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԴԵՂԱՄԻՋՈՑ ԱՐՏԱԴՐԵԼՈՒ
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ամէն օր հետեւողական ձեւով հրապարակել վիճակագրական տուեալներ։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 32 հազար 325 նոր քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 765 նոր վարակեալ։
Հենրիխ Մխիթարեան իր որդիի հետ լուսանկար հրապարակած է։ Այսպէս, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական «Ռոմա» խումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան լուսանկար հրապարակած է իր որդիի հետ:
Հայազգի քլարինեթահար Անոյշ Պօղոսեան արժանացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական կրթաթոշակի։ Այսպէս, ամերիկաբնակ քլարինեթահար Անոյշ Պօղոսեան արժանացած է ԱՄՆ-ի նախագահական կրթաթոշակի «U.S. Presidential Scholars» արուեստի բնագաւառին մէջ։
Հայաստանի Նորքի տուն-ծերանոցէն 101-ամեայ Նազանի Սիմոնեան յաղթահարած է COVID-19-ը եւ դուրս եկած հիւանդանոցէն։ Այսպէս, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնէն երէկ դուրս եկած է նոր քորոնաժահրով վարակեալ 101-ամեայ Նազանի Սիմոնեան։
Հեռուստատեսային տաղաւարի մէջ կապիկը յարձակած է եգիպտացի հաղորդավարի վրայ։ Այսպէս, եգիպտացի հաղորդավարուհի Լոպնա Ասալ հարցազրոյցի ժամանակ ստիպուած է փախչիլ սթիւտիոյէն՝ կապիկի յարձակելու պատճառով:
Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած տագնապէն վերջ առօրեայի բնականոնացման ճանապարհին առեւտուրը կը վերսկսի Իսթանպուլի պատմական կեդրոններէն ներս: Խանութպանները կը սպասեն զբօսաշրջիկներու վերադարձին՝ արդիւնաւէտութիւն ունենալու համար:
Արմէն Սարգսեան. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ պարգեւն է, դուք էք մեր ապագան կերտողները»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռավար զրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպայի հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հարցերով մշտական քարտուղար Ուէնտի Մորթընի հետ։ Անգլիական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս զրոյցը, որու ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան շնորհաւորեց Ուէնտի Մորթընի նշանակումը եւ անոր յաջողութեան մաղթանքներ յղեց կարեւոր առաքելութեան մէջ։
Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) քորոնաժահրի համաճարակի յաջորդելիք ժամանակաշրջանին համար ձեռնարկած է վիթխարի ծրարի մը պատրաստութեան։ ԵՄ-ի երկիրներու տնտեսական վերականգնման հետամուտ այս աշխատանքներուն շուրջ վերջերս բացատրութիւններ տուաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն։