ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ՝ 2021-Ի ԳԱՐՆԱՆ
Թոքիոյի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն կայացման կամ չկայացման գծով վերջնական որոշում պիտի տրուի 2021 թուականի գարնան, այս գծով յայտնեց ճաբոնական «Kyodo» գործակալութիւնը: Ամէն ինչ կախեալ պիտի ըլլայ քորոնաժահրին ո՛ր հանգրուանը հասնելուն:
Եգիպտոսը միջազգային զբօսաշրջիկներու աշունէն առաջ չի սպասեր։ Այսպէս, Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան ոլորտը չ՚ակնկալեր միջազգային զբօսաշրջիկներու այցելութիւն՝ աշունէն առաջ:
Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան WORLD FOLK VISION մրցոյթ-փառատօնի ընթացքին բարձրացած է կիսաեզրափակիչ փուլ։ Այսպէս, քանոնահար Մարիաննա Գէորգեան իրաւունք շահած է բարձրանալ WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցոյթ-փառատօնի կիսաեզրափակիչ փուլ:
Բեմադրիչ Նորա Մարտիրոսեանի ժապաւէնը ընդգրկուած է Քաննի շարժանկարի փառատօնի մրցութային ծրագրին։ Այսպէս, հայկական, պելժիական եւ ֆրանսական համատեղ արտադրութեան «Երբ քամին հանդարտի» շարժանկարը, որու բեմադրիչն է Նորա Մարտիրոսեան, ընդգրկուած է Քաննի միջազգային 73-րդ փառատօնի The First Features մրցութային ծրագրին։
Ճիւզեփփէ Վերտիի «Պարահանդէս-դիմակահանդէս» օփերայի համերգային կատարումը ներկայացուեցաւ առցանց հարթակի վրայ։ Այսպէս, իտալացի աշխարհահռչակ յօրինող Ճիւզեփփէ Վերտիի «Պարահանդէս-դիմակահանդէս» օփերայի համերգային կատարումը ներկայացուեցաւ առցանց հարթակի վրայ:
Գոռ Սուճեան հետաքրքրական մեկնաբանութեամբ ներկայացուցած է Մայքըլ Ճեքսընի երգերէն մին։ Այսպէս, սիրուած երգիչ Գոռ Սուճեան, որ յաճախ հանդէս կու գայ երաժշտական տարբեր ոճերով, իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ ներկայացուցած է փոփի արքայ Մայքըլ Ճեքսընի Beat It երգը:
Հայաստանի մէջ լոյս տեսած է Ռեմարքի «Երկինքը ընտրեալներ չունի» վէպը։ Այսպէս, առաջին անգամ բնագրէն՝ գերմաներէնէն, հայերէնի թարգմանուած եւ լոյս տեսած է 20-րդ դարու ամենայայտնի եւ ընթերցուող հեղինակներէն մէկուն՝ Էրիխ Մարիա Ռեմարքի «Երկինքը ընտրեալներ չունի» վէպը։ Գիրքը հրատարակած է «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչատունը, թարգմանիչն է Վանուհի Բաղմանեան։
Ֆրանսայի մէջ այցելութիւններու համար բացուած է Վերսայի պալատական համալիրը։ Այսպէս, Ֆրանսայի մէջ յունիսի 6-էն սկսեալ այցելութիւններու համար բացուած է հռչակաւոր Վերսայի պալատական համալիրը:
Վանաձորի թատրոնի ետնաբակին մէջ սկսած են բացօթեայ բեմի նախապատրաստման աշխատանքները։ Այսպէս, Վանաձորի Յովհաննէս Աբէլեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի ետնաբակին մէջ օրերս կը սկսին բացօթեայ բեմի նախապատրաստման աշխատանքները:
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակեալներու թիւը վերստին կը հասնի հազարի շեմին՝ իւրաքանչիւր օրուան վիճակագրական տուեալներով: