Լրահոս

ԴԷՊԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ

Մանիշակագոյն շարժման պատգամաւորի թեկնածուները արժեւորեցին իրենց կողմէ տարուած աշխատանքը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան յորդորեց պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ միշտ մնալ զուսպ եւ չափաւոր:

Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Լոնտոն՝ ուղեկցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին սրբազնութիւնը Լոնտոնի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ Աղթամարի Ս. Խաչ պատմական տաճարին ձօնուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ պիտի բացուի վաղը։

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Յորդանանի Արտաքին գործոց նախարար Այման էլ Սաֆատ այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ան հիւրն է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի, որ իր պաշտօնակցին հետ կը վարէ բանակցութիւններ եւ կը սարքէ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ մեր համայնքէն ներս համատարած հրճուանքի մը մթնոլորտը ստեղծուած է։ Երէկ երեկոյեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Եշիլգիւղի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական հանդիպումի մը։

ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՌԻՍՔԵՐ

Երեւանի ղեկավարութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնով պայմանաւորուած միջազգային վտանգներուն համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ մասնակցեցաւ ՀԱՊԿ-ի Պիշկէքի գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը:

ԼԱՒՐՈՎ ՊԱՔՈՒ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին նախատեսուած է իր ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։

Էջեր