ՓՐՈՖ. ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ. «ԱՄՆ-Ի ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉՈՒՆԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու կանխատեսումներ ըրաւ, թէ քորոնաժահրի համաճարակը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի գործէ համաշխարհային համակարգին եւ պետութիւններուն վրայ։ Իր զգայացունց յայտարարութիւններուն մէջ ան մատնանշեց, որ համաճարակի հետեւանքով ծագած հասարակական անորոշութիւնները պիտի դառնան մշտական։
«Այսօրուան թշնամին քորոնաժահրն է ու պէտք է միանալ այդ հասարակաց թշնամիին դէմ»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Երբ համայն մարդկութեան հետ հայութիւնը կը դիմագրաւէ այս համաճարակը, Պերճ Սեդրակեան յայտարարութեան մէջ կրկնեց ՀԲԸՄ-ի վաղեմի կարգախօսը. «Միութիւնը զօրութիւն է»։
Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը առցանց հարթակի վրայ հեքիաթներ կը ներկայացնէ նաեւ արեւմտահայերէնով։
Աշխարհ վերջին օրերուն փոխուեցաւ… Քորոնաժահրը փոխեց մեր կենցաղը, ապրելակերպը։ Ամէն մարդ իր գործը կ՚ընէ առցանց ձեւով։
Չվտանգենք մեր առողջութիւնը՝ մնանք տունը…
Քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով փակման ժամանակ Հոլանտայի թանգարանէն գողցած են Վան Կոկի նկարը։
Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան երէկ հաղորդեց նախօրէին տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին շուրջ։ Այսպէս, ընտրութիւններու առաջին փուլին նախագահական թեկնածուներէն Արայիկ Յարութիւնեան ստացած է ձայներու 49.25 տոկոսը։