Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐԿԱԾ. 4 ԶԻՆՈՒՈՐ ԶՈՀ

Հայաստանի հարաւին մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի արկած մը, որու հետեւանքով զոհուեցաւ չորս զինուոր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ Գորիս-Որոտան ճանապարհի 39-րդ քիլօմեթրի հատուածին մէջ։ 

ԲԱՐԵԼԱՒՈՒԱԾ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՎԱՐԿԱՆԻՇԸ

Անգլիական Quacquarelli Symonds (QS) ընկերութիւնը հրապարակած է Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ յառաջատար համալսարաններու վարկանիշը, ուր ընդգրկուած է նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԴԱՍՈՒԻ ԱԶԱՏ ՀԱՄԱՑԱՆՑ ՈՒՆԵՑՈՂ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

«Ֆրիտըմ հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Համացանցի ազատութիւն՝ 2018-ին» զեկոյցը, որուն համաձայն, այդ մարզէն ներս յառաջխաղաց արձանագրուած է 19 երկիրներու մէջ, որոնցմէ մէկն է Հայաստան, ուր արձանագրուած յատկանշական բարելաւումներուն շնորհիւ՝ երկիրը անցած է «Ազատ» նկատուող երկիրներու շարքին, մինչ նախապէս կը գտնուէր «Մասամբ ազատ» երկիրներու ցանկին վրայ:

ԱՃ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

2018 թուականի յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն միջեւ, 2017 թուականի նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատած, Հայաստանի մէջ համակարգիչներու արտադրութիւնը աճած է 99.3 տոկոսով:

ՌՈՏՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Նախաձեռնութեամբ Հարաւային եգէականի մարզպետութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Ռոտոս կղզիի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղին, վերջերս Ռոտոս կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական եւ պոնտական երգերու ձօնուած ճոխ երեկոյ մը՝ նուիրուած նորոգ հանգուցեալ Համազգայինի Ռոտոսի մասնաճիւղի ատենապետ Խարա Քէօսէյեանի յիշատակին:

ՔՈՒԷՅԹԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԸ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Շաբաթ, 3 նոյեմբեր 2018-ին, Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի երկիրներու յանձնաժողովը կատարեց իր կիսամեայ լիակատար նիստը:

ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ…

Հանրապետութեան նախագահը քննադատեց ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները:
Էրտողան. «Մեր համոզմամբ՝ այս բոլորը աշխարհի հաւասարակշռութիւնը խանգարելու ուղղեալ քայլեր են»:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ համասեռականութեան դէմ ցոյց մը։ Այս ցոյցը կազմակերպուած էր բողոքելու համար համասեռամոլներու այն ֆորումին դէմ, որու կազմակերպումը յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է Հայաստանի մէջ։

Էջեր