ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս Արայիկ Յարութիւնեանը շնորհաւորեց նախագահական ընտրութիւններու մէջ արձանագրած յաջողութեան համար եւ մաղթեց ձեռքբերումներ՝ պատասխանատու պաշտօնին մէջ։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքին կողմէ նախաձեռնութիւն:
Moody՚s անդրադարձաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ առնուած քայլերուն՝ համաճարակի պայմաններով:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ արտադրուած է հարիւր տոկոսով տեղական արհեստական շնչառութեան սարք։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, արտադրութիւնը կատարուած է Մեքենաքիմիական արդիւնաբերութեան հաստատութեան (MKEK) կողմէ։
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն՝ երկրի Կեդրոնական դրամատան նոր նախագահի ընտրութեան համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, քուէարկութեան մասնակից երեսփոխաններու քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ ընտրուեցաւ Մարթին Գալստեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ՝ Հայաստանի կառավարութեան հետ ծագած բանավէճի մթնոլորտին մէջ:
2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ուսումնասիրութեան յանձնաժողովը լսեց Սերժ Սարգսեանը:
Հայաստանի նախագահը Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Արցախի նորընտիր ղեկավարը:
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի զոհերու թիւը բարձրացաւ 1643-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ ներկայացուց վիճակագրական վերջին տուեալները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ նամակ մը ուղարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։ Ան այս առթիւ վերահաստատեց Երեւանի յանձնառութիւնը միանալու համաշխարհային հրադադարի կոչին, որով վերջին շրջանին հանդէս եկաւ ընդհանուր քարտուղարը։