ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ «ԼԸ ՔԱՆԱՐ ԱՆՇԵՆԷ» ԹԵՐԹԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԵՒՐԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՎԷՃԻՆ
Փարիզի արուարձաններէն Սեւր քաղաքի՝ երբեմնի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի տարածքին վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, տարածքի սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի Մխիթարեան միաբանութեան, որու համար Վատիկանի կողմէ առաքելական կառավարիչ նշանակուած է Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։
«Եթէ մեր զինուորներուն դոյզն իսկ վտանգ մը հասնի, ապա պիտի հարուածենք վարչախումբի զօրքերը»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը։
Հայաստանի եւ Յորդանանի համագործակցութեան առջեւ կ՚ուրուագծուին նոր հեռանկարներ:
«Կեդրոնացեալ մտքի կարիքն ունինք։ Ընդհանրապէս մեր համայնքէն ներս կեդրոնացումի մը պակասը զգալի է՝ առաջնահերթութիւնները ճշդելու առումով։ Նոր սերունդը պատրաստակամ է այս ուղղութեամբ։ Մեզի անհրաժեշտ է վարչայիններու սերունդ մը, որ մեր համայնքը կը պատկերացնէ իր ամբողջութեան մէջ։ Պէտք է անպայման օգտագործենք մեր հաւաքական ներուժը։ Այս հաւաքականութիւնը պէտք է շարժման անցընել։ Մեր հաստատութիւններու վարչութիւններէն չի գար մեր ակնկալածը, որովհետեւ անոնք տեղական են։ Այս համայնքը պէտք է շարժի իր տեղէն եւ այդ տեղաշարժը ապահովելու տեսակէտէ մամուլին դերը շատ կարեւոր է։ Համայնքի արթնացումին, այս նոր շրջանի զարթօնքին հասնելու համար մամուլը մեր գործակիցը կը համարենք»:
Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Ապտուլլահ Բ. թագաւորը երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Երեւան, ուր Զուրաթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ դարձեալ կորուստներ տուին Իտլիպի մէջ, ինչ որ մեծ ցասում յառաջացուց բովանդակ երկրին մէջ։ Այսպէս, Սուրիոյ կառավարական ուժերու թիրախը դարձաւ թրքական զօրքերու դիտարկման յենակէտերէն մին։
«Եթէ մեր հասարակաց հարստութիւնը չբաժնենք, ապա զայն պիտի փտի ու մեզմէ պիտի գողցուի»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Պատմական թաղի եկեղեցւոյ մէջ յատկանշական օր մը ապրուեցաւ՝ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան մասնակցութեամբ։