ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան այս առաւօտ վիրահատութեան ենթարկուեցաւ Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հիւանդանոցի տնօրէն Արմէն Չարչեան յայտնեց, որ գործողութիւնը անցած է ծրագրուած ձեւով, Քոչարեանի ինքնազգացողութիւնը բաւարար է ու կը գտնուի բժիշկներու մշտական հսկողութեան ներքեւ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ:
Նախագահ Էրտողան կառավարութեան երէկուան առցանց ժողովէն վերջ ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով:
Հայաստանի նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ այցելեց Ազգային ժողով։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի խորհրդարանէն ներս կը գործէ յատուկ Քննիչ յանձնաժողով մը, որ կ՚ուսումնասիրէ 2016 թուականի ապրիլին Արցախի մէջ պատահած քառօրեայ պատերազմի հանգամանքները։
Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած դրան հրկիզման փորձի հարցը արձագանգ գտաւ Ազգային մեծ ժողովէն ներս։ Այսպէս, Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան այս խնդիրը յանձնեց Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի նկատառման։
Թուրքիոյ 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիները երկար սպասումէ վերջ երէկ կարողացան զբօսանքի դուրս գալ:
Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս տեղի ունեցաւ դատավարութիւն:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ թափով յառաջ կը տարուին պատուաստանիւթ մը գտնելու աշխատանքները՝ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ամերիկահայ յայտնի գործիչ, գիտնական ու ձեռներէց Նուպար Աֆէեանի «Moderna» ընկերութիւնն ալ այս ջանքերուն ներգրաւուած է աշխուժօրէն։ Կենսափորձագիտական այս ընկերութիւնը ներկայիս կ՚անցնի պատուաստանիւթի հետազօտման երկրորդ փուլին։