ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎԻ ԵՒ ՏԷՅՎԻՏ ԼԵՄԻԻ ՀԵՏ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Արարատ Միրզոյեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Ռիոյի մէջ, շնորհաւորեց ռուս պաշտօնակցին ծննդեան տարեդարձը։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Թուրքիա-Հայաստան սահմանի Մարգարա անցակէտը տասն օրով պիտի բացուի՝ դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութեան տեղափոխման նպատակով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումով, Հայաստանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ մարդասիրական օժանդակութեան առաքման հարցին շուրջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէն։ Վարչապետներու տեսակցութեան առիթ հանդիսացաւ երկու երկիրներու ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու հանդիպումը, որ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետարանէն ներս ձեռնարկուած՝ նոյնաժամանակ երկու հարցաքննութիւններու վերաբերեալ խնդիրները վերջին օրերուն կը բնորոշեն Թուրքիոյ օրակարգը։
Երեւանի անվերապահ պատրաստակամութեան եւ Պաքուի յամառ չկամութեան պայմաններով անյաղթահարելի տիլեման:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Սա իրենց երկրորդ զրոյցն էր, որ տեւեց երկուքուկէս ժամ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ շփումը եղած է ծաւալուն եւ արդիւնաւէտ։