ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՃՇԴՈՒՄԸ
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացի հայկական կողմի պատուիրակը յայտարարած է, թէ պատճառ չկայ, որ Հայաստանն ու Թուրքիան չհաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ սահմանները չբանան:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացի հայկական կողմի պատուիրակը յայտարարած է, թէ պատճառ չկայ, որ Հայաստանն ու Թուրքիան չհաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ սահմանները չբանան:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Սա իրենց երկրորդ զրոյցն էր, որ տեւեց երկուքուկէս ժամ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ շփումը եղած է ծաւալուն եւ արդիւնաւէտ։
Կիպրական հիմնախնդրին շուրջ կազմակերպուած են ընդլայնուած ձեւաչափով անպաշտօն ժողովներ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու այս առաւօտ ձերբակալուեցաւ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, քաղաքապետարանէն ներս երկու զատ հարցաքննութիւն կը կատարուի՝ ահաբեկչութեան եւ կազմակերպեալ յանցագործութեան վերաբերեալ նիւթերով։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ընդունեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ալեքսանտր Կրուշքոն։ Թեհրանի զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման վերաբերեալ հարցեր։
Մեծ բանաստեղծ Զահրատի 100-ամեակին ձօնուած «Կիկօ-ի հետ առաջ ու յետ» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման արձագանգները կը շարունակուին։ Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ կեանքի կը կոչուի այս բացառիկ նախագիծը, որ արժանացած է բարձր գնահատանքի։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր կ՚ունենան հեռախօսազրոյց մը։ Անցեալ փետրուարի 12-ին անոնց միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութենէն վերջ, սա արդէն նախագահներու երկրորդ շփումը պիտի ըլլայ։
Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր կը պատրաստուի այս ամսավերջին ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, 30 մարտ-2 ապրիլ թուականներուն ան պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։
Առաջնահերթ օրակարգ. «Սուրիոյ կողքին կանգնիլ. յաջող անցումի մը համար դիմագրաւել կարիքները»:
ԵՄ-ի կողմէ կազմակերպուած հերթական խորհրդաժողովին առաջին անգամ հրաւիրուեցաւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնը:
Այս հարցի արդիականութիւնը Հայաստանի ներքին քաղաքական օրակարգ մտաւ նոյնքան յախուռն ու անսպասելի՝ որքան փետրուարի 17-ի ասուլիսի Հայաստանի երկրորդ նախագահի այն բացայայտումը, թէ «Հայաստան» դաշինքը ծանրակշիռ մասնակցութիւն պիտի ունենայ յառաջիկայ քաղաքական գործընթացներուն՝ ըլլան անոնք խորհրդարանական հերթական կամ արտահերթ ընտրութիւններ եւ կամ փողոցային պայքարի մարտավարութիւն։