ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Մինչ Սուրիոյ մէջ բուռն իրադարձութիւնները կը շարունակուին, Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ ալ շփումները կը խտանան։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր Տոհայի մէջ կը մէկտեղուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։