Լրահոս

ԱՆԳԼԻՈՅ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ պաշտպանութեան նախարար Ճոն Հալէյը։ Հիւր նախարարը այցելեց TUSAŞ-ի կեդրոնը, որ անցեալ սեպտեմբերի 23-ին ահաբեկչական յարձակման թիրախ դարձած էր։

ՓՐՈՖ. ՄԱՆՈՒԿ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ՝ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐԱԾ ՄԱԼԹԵՓԷԻ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ

Յայտնի մասնագէտը վիրահատուեցաւ, առողջական կացութիւնը կայուն է, ապաքինման շրջան կը բոլորէ:
Բռնութիւն գործած երիտասարդը ձերբակալուած է ոստիկանութեան կողմէ:

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ՇԱՀԵՐԸ ՉԵՆ ՀԱՄԸՆԿՆԻՐ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ

Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի «The New York Times»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ Մոսկուան ու Թեհրանը դաշնակից չեն Հարաւային Կովկասէ ներս, որովհետեւ տարբեր շահեր ունին։ «Մենք որոշ տարաձայնութիւններ ունինք եւ որոշ համընդհանուր շահեր։

ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԱՄՔ

Էրտողան. «Տակաւին յոյսս չեմ կտրած Էսատէն, որ քայլեր պէտք է առնէ իր երկրին տէր կանգնելու համար»:
Հանրապետութեան նախագահին խօսքով՝ Թուրքիոյ կողմէ պարզուած ձեռքը դուռ կը բանայ Սուրիոյ անդորրութեան համար»:

ԱԼԻԵՒԻ ՎԱԽԵՐԸ

Այս խառնակ ժամանակներու հենքին Հայաստանի մէջ իշխանական շրջանակներէ դուրս քննարկուող ամենակենսայոյզ նիւթը հայաթափուած Արցախն է. արդեօք հարցը այլեւս փակուեցա՞ւ եւ մենք մէկընդմիշտ կորսնցուցի՞նք մեր հայրենիքին մէկ մասը, թէ՞ հիմնախնդիրի ոչ-հայանպաստ զարգացումներու հունը ետ շրջելու որոշակի յոյսեր, այնուամենայնիւ, դեռ կան:

Էջեր