ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՈՒԽՏԵԱԼԸ…
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը խորապէս կը սգայ իր բազմամեայ ու երախտաշատ երիցագոյն վեթերանին անմխիթար կորուստը. ոչ եւս է հեղինակաւոր գիտնականն ու հասարակական գործիչը, Կեդրոնականի հպարտ սանը, որ իր սերնդակիցներու շարքին առանձնացաւ միջազգային մակարդակի վրայ հասած գագաթնակէտով:
Վարդան Օզինեան Փարիզի մէջ ուղեղային խռնումի հետեւանքով մահկանացուն կնքեց 90 տարեկան հասակին՝ ետին թողլով քաղցր յիշատակ մը, որուն միախառնուած են հայկական ինքնութեան ու ժառանգութեան գոյատեւման համար պաշտպանուած զգայնութիւններ: Մեծ մտաւորականին հրաժեշտը կաղնիի մը տապալման համազօր է հայ իրականութենէն ներս:
Պայծառատես մտաւորականի մը կողմէ լիուլի արժեւորուած ինն տասնամեակներու վրայ հպանցիկ ակնարկ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարը:
Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը Երեւանի մէջ եզրափակուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Լէոնիտ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային 7-րդ փառատօնի աւարտը:
Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ քննարկուեցաւ երրորդ երկիրներուն զէնքի վաճառքի կանոնակարգման հարցը:
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նովոա վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հրաւէրին ընդառաջ։
Երեւանի մօտ Անգլիոյ դեսպան նշանակուեցաւ հայազգի դիւանագէտ մը։ Այսպէս, Անգլիոյ կառավարութիւնը տեղեկացուց, որ Երեւանի մօտ նոր դեսպան նշանակուած է Ալան Անդրանիկի Կէօքպաշեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ առաւօտ տեղեկացուցին, որ նորոգ հանգուցեալ պատմաբան Վահագն Տատրեանի մարմինը պիտի ամփոփուի Երեւանի մէջ։ Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, Փրոֆ. Վահագն Տատրեան կը վայելէր միջազգային հեղինակութիւն եւ անկոտրուն պայքար մը մղած էր արդարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման ուղղութեամբ։