ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրութեան փուլը սփիւռքի մէջ լաւ խմորուած նիւթ կը համարուէին Պոլսոյ դէպքերը։ Բնաւ զարմանալի չէր, որ սփիւռքի զանազան անկիւններէն բաւական բացասական գնահատականներ տրուէին նախկին տեղապահին, մինչեւ պատրիարք դառնալը Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ հնչեցուած գնահատականներուն կամ ողջոյնի խօսքերուն վերաբերեալ։
«Միայն շնորհակալութեան չէ, այլեւ՝ յարգանքի եւ պարտքի խօսքեր պիտի ուղղեմ դէպի Սուրբ Էջմիածին, դէպի Մայր Աթոռ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աթոռը մեր ազգի միութեան, եղբայրութեան խորհրդանիշն է։ Այնպէս որ մենք կը կրկնենք մեր հաւատարմութիւնը մեր լուսաւորչական մեծ ուխտին նկատմամբ։ Ընտրութիւններու այս բոլոր ընթացքով Վեհափառ Հայրապետը շատ մօտէն հետաքրքրուեցաւ, նաեւ առաջին շնորհաւորողը եղաւ։ Մեծապէս շնորհակալ ենք իրեն»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կը հասնի իր աւարտին. Ազգային պատգամաւորական ժողովը այս առաւօտ գումարուեցաւ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ: Գումգաբուի մէջ յետմիջօրէին տեղի կ՚ունենայ Հրաշափառի արարողութիւն:
Շաբաթավերջի քուէարկութեան բարեյաջող աւարտը երկար ատեն վերջ ստեղծած է լաւատես մթնոլորտ մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան եւ Ուաշինկթըն կը քննարկեն իրենց ռազմավարական երկխօսութեան ընթացքն ու յառաջիկայ քայլերը:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս աշխարհական պատգամաւորներու երէկուան ընտրութիւնը եկաւ բնորոշել պատմական հանգրուան մը:
Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան համար թրքահայութիւնը կը փութայ քուէատուփի մօտ: