ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան գումարեց իր հերթական ժողովը Գումգաբուի մէջ։
Կը նախատեսուի, որ Անգարայի հետ բանաւոր շփումներն ու խորհրդակցութիւնները շատ կարճ ժամանակի ընթացքին ունենան իրենց շարունակութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ Մոսկուայի մերձակայ Ժուքովսքի քաղաքին մէջ երկու երկիրներու ղեկավարները շրջայց մը կը կատարեն «ՄԱՔՍ-2019» միջազգային օդագնացութեան տօնավաճառի համալիրէն ներս։
Համաժողով. «Արժէքներ գործողութեան մէջ. Հայաստանի դիւանագիտութիւնը յարափոփոխ աշխարհէ ներս»։
Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեան վերջերս հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի հրապարակագիր վերապատուելի Հրայր Ճէպէճեանն ու Փասատենայի «Հայ Կիլիկիա» Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հրայր Ճէպէճեան միեւնոյն ժամանակ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ դարձեալ իրաւական կարեւոր նախաձեռնութիւն մը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Շիշլիի գերեզմանատան երէկուան հոգեհանգստեան պաշտօնին:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն երիտասարդ քաղաքագէտ ու հրապարակագիր Էլէոնորա Սարգսեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Շատ հաճելի զրոյց մը ունեցանք Էլէոնորա Սարգսեանի հետ, որ ներկայիս կ՚աշխատակցի www.armat.im կայքէջին։