ԺԵՐԱՐ ՏԵՓԱՐՏԻԷՕԻ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐԸ
Դերասան Ժերար Տեփարտիէօ Վլատիմիր Վիսոցկիի երգերը երաժիշտի 80-ամեակին կապակցութեամբ կը կատարէ ֆրանսերէն եւ ռուսերէն լեզուներով։ Խորհրդային բանաստեղծի յոբելեանին առիթով համերգը Ապրիլին տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ։
Դերասան Ժերար Տեփարտիէօ Վլատիմիր Վիսոցկիի երգերը երաժիշտի 80-ամեակին կապակցութեամբ կը կատարէ ֆրանսերէն եւ ռուսերէն լեզուներով։ Խորհրդային բանաստեղծի յոբելեանին առիթով համերգը Ապրիլին տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ։
Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը երէկ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ երդումը կատարեց հանդիսաւոր արարողութիւնով մը եւ պաշտօնապէս ձեռնարկեց գործի:
Արմէն Սարգսեան. «Այսօր մեր երկրին եւ ամբողջ ժողովուրդին համար առանցքային կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ բանակցային կարգաւորումը»:
Էրտողան եւ Փութին հեռախօսազրոյց մը ունեցան Սուրիոյ արիւնալի իրադարձութիւններուն մասին:
ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ հիմա ալ օրակարգի վրայ կը բերէ զինուորական միջամտութեան հաւանականութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ պատահեցաւ դէպքը։
Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը հոգեկան անհուն վշտով կը հաղորդէ, թէ թեմի հանգստեան կոչուած հոգեւորականներէն Տ. Դաւիթ Քհնյ. Զելվէեան (1950-2018) յետ երկարատեւ լուրջ հիւանդութեան, Երկուշաբթի, Մարտի 19-ին ի Տէր հանգեաւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը այսօր երդումը կատարելով գործի կը ձեռնարկէ:
Արմէն Սարգսեան՝ հայոց պետականութեան գլուխը:
Սերժ Սարգսեանի վարչապետ դառնալու հեռանկարի լոյսին տակ՝ միջազգային վերլուծաբաններ դրական տրամադրութիւններ կը դիտարկեն երկրի ապագային տեսակէտէ ու կ՚ենթադրեն, որ լիազօրութիւններու այժմու բաժանումը աւելի լաւ պիտի աշխատի:
Koro Kültürü Derneği-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Korolar Maratonu փառատօնը երաժշտասէր հասարակութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ:
Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ, Լուսաւորիչ երգչախումբը մասնակցութիւն բերաւ ծրագրին՝ իր մակարդակով արժանանալով ունկնդիրներու բարձր գնահատանքին:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զօրքերուն միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցան նոր բախումներ։ Հրադադարի խախտումները պատահեցան՝ երբ Ատրպէյճանի զօրքերը հայկական դիրքերուն վրայ կրակ բացին՝ այս անգամ Նախիջեւանի կողմէ։
Հայաստանի եւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահներուն միջեւ անմիջական տեսակցութիւն:
Սերժ Սարգսեան եւ Սերճիօ Մաթարելլա անդրադարձան հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի ռազմավարական նշանակութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրեալ-նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն տեսակցեցաւ արժանթինահայ գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այցելեց «Թիէրաս տէ Արմենիա» (Հայաստանի հողեր) ընկերութիւնը։