ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1 - ԻՏԱԼԻԱ 3
2020 թուականին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի խաղերու ծիրէն ներս Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Իտալիան։ J խմբակի մրցակցութեան ծիրէն ներս, «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Իտալիա հանդիպումը։
«Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու օգտագործման ճանապարհին քայլեր:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յատկանշական ձեռնարկ մը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու կոչ ուղղեց, որպէսզի Իրանի վրայ ուժեղացուին ճնշումները՝ միջուկային գործարքի յայտնի հարցերուն բերումով։ «Այժմ Իրանի հետ բանակցելու ժամանակը չէ, Իրանի վրայ ճնշումը ուժեղացնելու ժամանակն է», ըսաւ Պենիամին Նեթանիյահու։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանի մահուան արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Աբիկ Հայրապետեանի յուղարկաւորութիւնը վաղը կէսօրուան ժամերուն տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։
Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները Հայաստանէն վերջ ուղեւորուեցան դէպի Արցախ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մովսէս Աբէլեան կարեւոր պաշտօնի մը եւս նշանակուեցաւ կազմակերպութենէն ներս։ Այսպէս, ան դարձաւ ՄԱԿ-ի բազմալեզուութեան հարցերով համակարգողը։