Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս այցելեց Պելժիա, ուր նախագահեց Պրիւքսելի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Պրիւքսելի մէջ կեցութեան օրերուն Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ունեցաւ նաեւ շարք մը միջեկեղեցական հանդիպումներ։
Մնացականեանի եւ Մամետեարովի միջեւ յառաջիկայ հանդիպումը կը նախատեսուի Ուաշինկթընի մէջ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախօրէին ամերիկացի պետական քարտուղարը հանդիպած էր իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Փեքինի մէջ ընդունուեցաւ Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփինի կողմէ։ «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» խորագրեալ համաժողովին համար Փեքին մեկնած է Նիկոլ Փաշինեան, որ Ցի Ցինփինի հետ քննարկեց Հայաստան-Չինաստան համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին կարեւոր նիւթեր։
Կրօնական ժողովի ատենապետը մեկնաբանեց ներքին գործոց նախարարին Գումգաբու այցելութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Դամասկոսի մէջ երէկ ընդունուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Էսատ բարձր գնահատեց Սուրիոյ հայութիւնը։
Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ ներկայացուած պաշտօնական դիմում-նամակի պատասխանի սպասման մթնոլորտին մէջ, իշխանութիւններուն առաջին արձագանգը հասաւ բարձր մակարդակի այցելութիւնով մը, որու ժամանակ նախ բանաւոր ձեւով Աթոռին ու համայնքին տեղեկացուեցան պետութեան որդեգրած մօտեցումները: Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու, կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ այլ պաշտօնատարներ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն փութացին Գումգաբու: