ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՅԱՏՈՒԿ ԴԵՍՊԱՆ
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը պիտի ունենայ սփիւռքի գծով յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան մը, որ պիտի ըլլայ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ներկայացուցիչը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այս նիւթին անդրադարձաւ Քէօլնի մէջ, գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։