FACEBOOK-Ի ՄԱՀԱՑԱԾ ՕԳՏԱՏԷՐԵՐԸ ԹՈՒԱՔԱՆԱԿՈՎ ԿԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵՆ ՈՂՋԵՐԸ
Facebook ընկերային ցանցի մահացած օգտատէրերը յառաջիկայ յիսուն տարուան ընթացքին կրնան թուաքանակով գերազանցել ողջերը: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը, կը հաղորդէ Համացանցի Օքսֆորտի կաճառի, որ մաս կը կազմէ Օքսֆորտի համալսարանին, գիտնականներու հրապարակած հաշուետուութեան մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան նահանգապետարանի մէջ ընդունուեցան Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայայի կողմէ:
Կրօնական ժողովի ատենապետը երէկուան այցէն վերջ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը 85-րդ գահակալով օժտելու ուղղեալ գործընթացը սկսաւ Կրօնական ժողովի նիստով. իրադարձութիւններուն կը սպասուի ուշադրութեամբ:
Կրօնական ժողովը 29 ապրիլ 2019, երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին, հաւաքուեցաւ Պատրիարքարանիս դահլիճին մէջ։ 
Եւրոասիական միջկառավարական խորհուրդի ժողովը այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը ամերիկացի պաշտօնակցին հետ խօսեցաւ՝ Անգարա-Ուաշինկթըն առկայ տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Էրպիլ։ Նախարար Չավուշօղլու վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իրաքի մայրաքաղաքը՝ Պաղտատի եւ Պասրայի մէջ։
Երէկ, Երեւանի մէջ, «Պուքինիստ» գրախանութի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական շնորհանդէս մը, որու ընթացքին հետաքրքիրներուն ծանօթացուեցաւ Ջուղայի ոչնչացուած խաչքարերուն վերաբերեալ շահեկան պատկերագիրք մը։ Այսպէս, հնագէտ-լուսանկարիչ Արամ Վրոյր Ջուղայի հայկական գերեզմանատան խաչքարերու լուսանկարները, անոնց վերաբերեալ գիտական ու պատմական տեղեկութիւնները ամփոփած է պատկերագիրքի մը մէջ։