Լրահոս

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՅԴ-Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԻՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նորընտիր պիւրոյի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատրեանի։

ՃԷՅՄՍ ՃԵՖՐԻ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ այս շրջանին սերտ շփումներ տեղի կ՚ունենան Սուրիոյ տագնապին շուրջ։ Անգարա-Ուաշինկթըն օրակարգին վրայ աւելցած է նաեւ «Ս-400» ռուսական հրթիռներու Թուրքիոյ կողմէ ձեռքբերման հարցը։

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԻՆ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ՝ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԻՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները տեղեկացուցին, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած են իրենց առաջարկը՝ հանդիպում մը ունենալու վերաբերեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, միջնորդները վերջերս այցելութիւն մը կատարած էին դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։

ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մաղթեց, որ Մեծ պահոց շրջանը ըլլայ արդիւնաբեր եւ առիթ դառնայ վերանորոգման:
Գումգաբուի «1890 Suites» պանդոկին մէջ Բարեկենդանի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասը:

ԱՆԻԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ վերջերս այցելեց Կարս, ուր տեղւոյն վրայ քննարկեց շրջանի պատմամշակութային եւ զբօսաշրջութեան նշանակութեամբ հնութիւնները։ Նախարարը այս ամբողջին մէջ այցելեց նաեւ Անիի աւերակները։

ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԵՐԹ

Ծաղիկներ ու մոմեր. 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերու զոհերը երէկ վերյիշուեցան Երեւանի մէջ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յարգանքի տուրքը մատուցելու զուգահեռ՝ ներողութիւն խնդրեց յանուն պետութեան:

ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՀՈՑԸ

Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն ներս թուայնացման հսկայական աշխատանք՝ բարձր փորձագիտութիւններով:
armradioarchive.am կայքէջը կը բովանդակէ ձայնագրութիւններու առընթեր՝ բազմաթիւ ուրոյն վաւերագրական տուեալներ:

Էջեր